2017-12-27 08:22:00

Ս. Ծննդեան Պատարագ` Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։


Երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Ս. Ծննդեան տօնին առիթով: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը Ս. Ծննդեան իր պատգամին մէջ ըսաւ, որ Ամենասուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձը` Յիսուս Քրիստոս մարմին առաւ տկար, դիւրաբեկ, անմեղ մանկան մը կերպարանքով, որպէսզի մատչելի դառնայ մարդուն: «Ո՛րքան տարբեր` Հին կտակարանի Աստուծմէն, որ հրակէզ մորենիի մէջ կը յայտնուէր` ահ ու դող պատճառելով իր արարածին: Ո՞վ կրնար համարձակիլ մերձենալ անոր: Եւ ոչ իսկ նայուա՛ծքը կարելի էր ուղղել անոր», հարց տուաւ հոգեւոր տէրը` աւելցնելով, որ աշխարհի Փրկիչը չուզեց աշխարհին յայտնուիլ որոտումի ու փայլակներու մէջ, ինչպէս սովոր էր ընել իսրայէլացիներուն հետ: Աւետաբեր հրեշտակ մը ղրկեց անծանօթ, համեստ աղջկան մը, զոր ոչ ոք կը ճանչնար: Հրեշտակին առաջին խօսքը եղաւ. «Մի՛ վախնար, Մարիամ, դուն Աստուծոյ առջեւ շնո՛րհք գտար: Որդի՛ մը պիտի յղանաս, եւ զայն Յիսո՛ւս պիտի կոչես. ան իր ժողովուրդը պիտի փրկէ իր մեղքերէն»:

«Աստուած ո՛չ միայն մեզի հե՛տ եղաւ, այլ մեզմէ մի՛ն դարձաւ: Մեր մարդկային բոլո՛ր յատկանիշները առաւ, ներառեալ տկարութիւնն ու նուաստացումը, նախատինքն ու հալածանքը, սկսեալ ծնունդէն ախոռի մը մէջ` մինչեւ մահ, եւ ամէնէ՛ն ստորնացուցիչը մահերուն, խա՛չը, որուն վրայ կը գամուէին ոճրագործները:

Եւ այդ բոլորը` մեզ փրկելու համար մեղքէն  ու մահէն», շեշտեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը:

Յաւարտ Ս. պատարագին, Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը Ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւնները ստացաւ եկեղեցւոյ մէջ, ապա շնորհաւորութիւնները շարունակուեցան Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:

(Ազդակ)








All the contents on this site are copyrighted ©.